The tradition & historical record
4 min read · 2 sourcesԱմանոր կը նշանակէ Նոր Տարի: Բառին ստուգաբանութիւնը կը բխի բնապաշտական Ամանոր աստուծմէ, որ կը մարմնաւորէր Նոր Տարին, Երկիրին եւ մոլորակներուն շրջագայութիւնը: 1
Հայոց դիցարանին մէջ Ամանորը պտղաբերութեան եւ բերքը գրկել պահպանող խոզուկ աստուածն էր: Ամանորին եղբայր Վանատուրը հիւրընկալութեան աստուածն էր, ուստի Նոր տարին նուիրուած էր Ամանորին ու Վանատուրին: 1
Նոր Տարին Դարերու Ընթացքին
Ամանորը ամէնէն հին տօներէն մէկն է: Բազմաթիւ ազգերու կողմէ կը նկատուի նաեւ ուրախութեան ու տօնախմբութեան կարեւոր օր: Անցեալին, զանազան ազգեր, Ամանորը տարբեր ժամանակներու կը տօնէին եւ ունէին իրարմէ տարբեր աւանդութիւններ: Հին Եգիպտացիներու Նոր Տարին կը սկսէր 19- 20 Յուլիսին, Հռոմէացիներու՝ 1 Մարտին, Բիւզանդացիներու՝ 1 Սեպտեմբերին: 1 Յունուարը, իբրեւ Ամանորի առաջին օր, շատ ուշ ընդհանրացած է: 1
Կաղանդ եւ Ամանոր բառերուն ծագումը
«Կաղանդ» Բառին ծագումը «Զի՞նչ է Կաղանդ եւ Կաղանդիքա»: Կաղանդ ամսամուտ է, իսկ Կաղանդիքա «նախասկզբնակ օր տարւոյն» գրած է Անանիա Շիրակացին` իր Տիեզերագիտութեան գիրքին մէջ: «Կաղանդ» բառը ծագած է լատիներէն «calendae» բառէն, որ հայերէնով ստացած է Նոր Տարուան առաջին օրուան նշանակութիւնը: Արդարեւ, Նոր Տարի հասկացողութիւնը կ'արտայայտուի նաեւ Կաղանդ բառով, այդ առիթով զիրար շնորհաւորելու սովորութիւնը՝ կաղընդել, նուէրը՝ կաղըդնչէք, իսկ երգերը՝ կաղանդոս բառերով: 1
Հայկական Նոր Տարին
Նախաքրիստոնէական շրջանին, Նոր Տարին հայկական տոմարի առաջին ամսուան անունով կոչուած էր «Նաւասարդ», որ կազմուած է Նաւա (=Նոր) եւ Սարիթա (=Տարի) բառերով եւ կը տօնուէր 1-6 Օգոստոսին, իբրեւ հունձքի, բերքի հասունութեան եւ երախտագիտութեան արտայայտութիւն: Տարբեր ժամանակներու, հայերը ունեցած են երեք Նոր տարի, որոնք կը կոչուէին՝ Նաւասարդ, Ամանոր կամ Կաղանդ: Այս տօները նշուած են տարբեր օրերու՝ 21 Մարտին, 11 Օգոստոսին եւ 1 Յունուարին: «Ամանոր» բառն ալ ունի իր տարբեր անուանումները՝ ամանորաբեր, տարեմուտ, տարեգլուխ, տարին գլուխ, տարենոր, նոր տարի, նորաբեր, նաւասարդ եւ ծաղկըմուտ: 1
Արեւմուտքի մէջ, 1 Յունուարը իբրեւ, Նոր Տարուան առաջին օրը, ընդունելութիւն գտած է ԺԴ. դարու վերջաւորութեան, իսկ Հայաստանի մէջ, հաւանաբար ընդհանրացած է 1650-ական թուականներուն: Այդ թուականներուն հայերը հետեւելով Հռոմէացիներուն Նոր Տարին Յիսուսի ծննդեան տօնին հետ կապելու աւանդութեան, սկսած են Ամանորը 1 Յունուարին տօնել: Աւելի ուշ, Հայաստանի մէջ ընդհանրացած է Ամանորին նոր անունը եւ կոչուած՝ «Կաղանդ» որ կը նշանակէ «կանչել= կոչել» ամսուան մուտքը: Կը տօնուէր մեծ հանդիսութեամբ, որուն կը մասնակցէին թագաւորներ, իշխաններ եւ ժողովուրդ. այդ առթիով կը կատարուէին խրախճանքներ, գուսանական թատերախաղեր, աստուածներուն կը մատուցուէին զոհեր, եւ այլն: 1
Կաղանդին տօնածառ զարդարելու սովորութիւնը հայոց մօտ
Համայն աշխարհի մէջ, Տօնածառը եւ Ձմեռ Պապը կամ Կաղանդ Պապան դարձած են Նոր Տարուան խորհրդանիշները: Ըստ կարգ մը աղբիւրներու, առաջնորդուելով Նաւասարդեան տօնի սովորութիւններէն, որուն վերապրուկները մինչեւ այսօր դեռ կան հայկական մեր ընտանիքներու կենցաղին մէջ, «Կաղանդ» բառին ծագումնաբանութիւնը կապուած է նաեւ «կախանդ» բառին հետ, որ «կախել» բառէն յառաջացած է: Այսօր յաճախ կը հանդիպինք տօնածառի զարդերու, որոնք տարբեր պտուղներու տեսքով են: Հայկական տօնածառի զարդերը հանդիսացած են մարաններէն բերուած տանձ, խնձոր, նուռ, ինչպէս նաեւ չիրերու կապոցներ ու շարաններ, որոնք կախուած են տօնական սեղանին քով դրուած ծառի մերկ ճիւղերէն: Հայերը հեթանոսական շրջանէն ի վեր կը զարդարէին տօնածառը խնձորով, նուռով, կաղինով եւ գունաւոր լաթերով ու կը կատարէին իրենց ուխտը եւ սիրտի ցանկութիւնը՝ բարօրութեան, առողջութեան եւ խաղաղութեան խնդրանքով: Երկրորդ կախելու արարողութիւնը աւելի հին արմատներ ունի, երբ տուներուն մէջ դեռ օճախ կը վառէին եւ տան երդիքին վրայ ծխատար անցք կար: Ամանորի գիշերը պատանիները կը պտըտէին տունէ տուն եւ իրենց գուլպան ամրացնելով գօտիին ծայրին կամ պարանին, երդիքէն կ'իջեցնէին տուն, որպէսզի տանտիկինը լեցնելով գուլպան, իրենց կաղընդէր խմորեղէնով կամ չիրերով ու պտուղներով: Կարգ մը շրջաններու մէջ, կաղանդ բառին հոմանիշն է «գօտեկախ» բառը, որ աւելի հաւաստի կը դարձնէ այդ սովորութեան գոյութիւնը: Հայ ժողովուրդին համար Սօսին (Akkavak), Բարտին (Kavak), Եղեւինը (Çam) արդէն վաղուց եղած էին «Կենաց Ծառեր», որոնք հայոց բնութեան պաշտամունքը, բարօրութիւնը եւ առատութիւնը կը խորհրդանշեն: 1
Կաղանդչէքի սովորութիւնը
Անցեալին, 31 Դեկտեմբերի գիշերը, հայ երիտասարդները տունէ - տուն երգելով ու պարելով կը պտըտէին ու Նոր Տարուան նուէրներ կը խնդրէին: Չիրերով եւ պտուղներով, ինչպէս նաեւ խանձուած արմտիքներով (նախկին՝ աղանձը, այժմ՝ պիստակեղէնը) կաղանդչէքի եւ սեղանը զարդարելու աւանդութիւնը եկած է նախահեթանոսական շրջանէն, երբ աստուածներուն հաճոյանալու համար անոնց կը նուիրէին վերոյիշեալ ուտելիքները, աղերսելու անոնց բարեացակամութիւնը՝ ընթացիկ տարուան բերքը ապահովելու, պաշտպանելու բնութեան արհաւիրքներէն եւ առատութիւն պարգեւելու համար: Նոյնպիսի միտում ունի նաեւ Կաղանդին պահքային լիցքերու (տոլմաներու) պատրաստումը չիրերով եւ եօթը տարբեր արմտիքներով, որոնք կը խորհրդանշեն բնութեան եօթը ուժերը: Ասիկա անուղղակիօրէն գոյատեւման պայքար էր. նախորդ տարուան վերջին մնացուկներով դարձեալ հիւրասիրելու աստուածներուն: Եւ վերջապէս, արմտիքներու կիրարկութիւնը կը կապուի մեռնող եւ յառնող աստուածութիւններու հետ, հողի մէջ մեռնող հատիկէն՝ ծիլ եւ բերք: Հին դարերուն Ամանորը կը տօնուէր երկրագործական տարեշրջանի սկիզբին, այսինքն՝ գարնան, Մարտին եւ կ'աւարտէր աշնան՝ Նաւասարդով, իբրեւ բերքի եւ գոհաբանութեան տօն: Հայ երիտասարդները Կաղանդի գիշեր տոպրակ մը իրենց ձեռքին՝ տունէ - տուն երգելով ու պարելով դռները կը զարնէին ու կը խնդրէին իրենց Կաղանդի նուէրը: Կաղանդի գիշեր, փոքրիկներուն եւ հարսնցուներուն կը բաժնուէին բարի մաղթանքներով տարբեր տեսակի նուէրներ, իսկ մեծերը զիրար շնորհաւորելով իրարու կը մաղթէին առողջութիւն, բարօրութիւն եւ երջանկութիւն: 1
The text above is adapted from the Wikipedia article “Ամանորեան Եւ Սուրբ Ծննդեան Աւանդութիւններ Ու Սովորութիւններ”, available under the Creative Commons Attribution-ShareAlike 4.0 licence. 1
New Year's and Christmas traditions in Armenia is recorded in open cultural data. The structured record cited below does not describe the practice, and this entry has not yet been reviewed by a person familiar with the tradition. 2





